2016-10-07 08:34:00

Ծայրագոյն վարդապետի գաւազանի շնորհում` հայր Վարդան Գազանճեանին։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 2 Հոկտեմբերին (2016), Թաքսիմի Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 11-ին, Արհիապատիւ Տէր Լեւոն Արք. Զէքիեան՝ Վիճակաւոր Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ թեմին, կիրակնօրեայ սուրբ Պատարագին ընթացին, ծայրագոյն վարդապետի գաւազան շնորհեց հայր Վարդան Գազանճեանին, եւ զինք հովիւ եւ ժողովրդապետ կարգեց սոյն եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն համար:

Սուրբ Պատարագի ընթացքին եւ Սուրբ Գրային ընթերցումներէն ետք, Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէրը իր քարոզին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, հայր Վարդան Գազանճեանին համար, որպէսզի ծառայէ Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ թեմին մէջ: Գերապայծառ Տէրը ապա ըսաւ թէ այսօր նոր քահանային կը յանձնէ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանին նուիրուած եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւնը եւ կու տայ անոր Ծայրագոյն Վարդապետի աստիճանը, յանձնելով անոր վարդապետական գաւազանը եւ վարդապետելու կատարեալ իշխանութիւնը:

Գերապայծառը բացատրեց նաեւ ամփոփ կերպով թէ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ այս յատուկ արարողութիւնը եկած է Մեսրոպ Մաշտոցէն, որ եղած է հայոց առաջին եւ մեծ Վարդապետը: Իրմէ է որ կու գայ այս գաւազանի տուչութիւնը, ըսաւ ան, եւ աւելցուց ըսելով թէ աբեղայ մը կրնայ այս աւանդը ստանալ միայն ծայրագոյն վարդապետէ մը, որ իր կարգին աւելի երէց ծայրագոյն վարդապետէ մը առած է:

Սուրբ Գրային ընթերցումներուն միջանկեալ, գաւազանատուչութեան զանազան աղօթքներէն, վերջինին սկիզբը, թեկնածուին յանձնելով վարդապետական գաւազանը, ըստ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ արարողակարգին, Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէրը ըսաւ. «Ա՛ռ քեզ ծայրագոյն գաւազան եւ կատարեալ իշխանութիւն վարդապետութեան...» եւ այս տուչութեամբ թեկնածուն դարձաւ առաքեալն ու ծառան Աստուծոյ Խօսքին: Աղօթքը շարունակելով, Առաջնորդ Արքեպիսկոպոսը արտասանեց նաեւ թէ Տէր Յիսուս ինքը պիտի զօրացնէ ծայրագոյն վարդապետը եւ զայն քաղցրութեամբ պիտի պահպանէ, օրհնութեամբ պիտի ամրացնէ, եւ բազում շնորհներ պիտի ծաղկեցնէ անոր կեանքին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.